2015-07-11 10:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Փարակուէյի մէջ` Քաաքուփէ քաղաքն ու թեմը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի Փարակուէյի մէջ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս կ՝այցելէ երկու գլխաւոր քաղաքներ Ասունսիոն եւ Քաաքուփէ

Ասունսիոնի  Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարը

Ասունսիոնի Մայր տաճարը նուիրուած է ''Աւետման Տիրամօր'', որ ամբողջութեամբ վերանորոգուած է ԺԹ դարուն։ Տաճարին մէջ պահապնուած է ԺԵ դարէն ժառանգուած ''la cruz de la Parra'' անուան խաչը։ Սոյն խաչը մաս կը կազմէր Քրիսթոֆոր Քոլոմպոյի, Ամերիկա կատարած ճամբորդութեան ընթացքին իր հետ բերած 29 խաչերէն։

՝՝Քաաքուփէ  քաղաքը։

Քաքուփէ անունը, Կուարանի լեզուով կը թարգմանուի Լեռան ետին։

Քաղաքը շրջապատուած է զանազան բլուրներով  եւ կանանչ դաշտերով, որուն բարձունքէն կարելէ է տեսնել անուանի Իբաքարի լճակը։

Քաաքուփէ քաղաքը հռչակաւոր է  նկատուած ըլլալով Փարակույէ հոգեւոր մայրաքաղաք, որուն տարածքին վրայ տեղի կ՛ունենան հոգեւոր զանազան անթիւ տօնակատարութիւններ, որոնց շարքին,  ամէն տարի, 8 դեկտեմբերին, Հրաշքի Տիրամօր յիշատակման տօնը։

Տիրամօր արձանը քանդակուած է ԺԶ դարուն դարձի եկած հաւատացեալի մը կողմէ, եւ հրաշքով  փրկուած է քաղաքը հարուածող հսկայական ողողումէ մը։Ըստ աւանդութեան Տիրամօր արձանին կը պարտին անթիւ հրաշքներ։

 

Քաաքուփէյի թեմը։

Թեմը ունի 282 481 կաթողիկէ հաւատացեալներ, 2 ժողովրդապետութիւններ, 2 եկեղեցիներ, 24 թեմական քահանաներ, 25 դաստիարակչական կեդրոններ եւ 3 բարեսիրական կեդրոններ։ 2014-ի տուեալներու համաձայն, վերջին տարուայ ընթացքին մկրտեալներու թիւը հասած 2726 հոգիներու։

Թեմին եպիսկոպոսն է Գերապայծառ Քլաուտիօ Ժիմէնզ Մէտինա։

Քաաքուփէ  քաղաքի Տիրամօր Սրբավայրը։

Տիրամօր սրբավայրը ձօնուած է Անարատ Յղութեան։

Սրբավայրի տաճարին մէջ  կը գտնուի Virgen de la Inmaculada Concecion de Los Milagros Տիրամօր արձանը, որուն հանդէպ  ժողովրդական մեծ ջերմեռանդութիւն կայ։ Տաճարին մէջ կը գտնուի  նաեւ Pozo de la virgen անուան  հին մատուր մը, որ ըստ աւանդութեան ունի  բուժումի հրաշքի զօրութիւնը։

Սրբավայրի մօտ գտնուող հրապարակը կը հիւրընկալէ շուրջ 80000 հաւատացեալներ








All the contents on this site are copyrighted ©.